2011-12-08 12:56:34

<<Աշխարհի Մէջ 200 Միլիոն Քրիստոնեաներ Հարստահարուած Եւ Հալածանքներու Ենթարկուած Են >> Կ՛ըսէ Գերապայծառ Մամպեթին։


Վատիկանի Արտգործ Նախարար Գերապայծառ Տոմէնիքօ Մամպերթին Լիթուանիյ Վիլինուս քաղաքի մէջ գումարուած ԵԱՀԿԻ - Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան - ժողովի ընթացքին ունեցած իր ելոյթով ընդգծած է թէ այսօր կրօնական ազատութիւնը կը շարունակուի ոտնակոխ ըլլալ եւ հաւանաբար աշխարհի մէջ կան աւելի քան 200 միլիոն քրիստոնեաներ` զանազան հաւանանքներու պատկանող` որոնք ենթարկուած են հալածանքի եւ հարստահարուած։ Գերապայծառ Մամպերթին անդրադարձաւ նաեւ գաղթականներու հարցին ու անոնց իրաւունքներուն` ինչպէս նաեւ ապօրինի զինավաճարութեան։ Վատիկանի դիւանագէտը բարձր գնահատեց թմրեցուցիչներու վտանքի դէմ պայքարի առնուած նախագիծերը ու թելադրեց Րոմ Եւ Սիմ թափառաշրջիկ ազգերու ապահովութիւնը` մարդավաճարութեան դէմ պայաքրը` եւ ամէն մարդ էակի անհատական իրաւունքի պաշտպանութիւնը։
Գերապայծառ Մամպերթի ապա մէջբերեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ պատգամը նշելով որ ներկայիս <<Քրիտոնեաները այն կրօնական խումբն են որ ամենաշատ կը տարապի իրեն հաւատքի պատճառաւ>> ու այս ուղղութեամ մաղթեց միջազգային օրուայ մը հաստատումը <<քրիտոնեաներու դէմ գործադրուած հալածանքներու եւ խտրականութեան դադրեցումի>> համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.